2013-05-14 10:45:21

2013-ի Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օր` «Ընկերային Ցանցեր, Ճշմարտութեան Եւ Հաւատքի Դռներ. Աւետարանի Քարոզչութեան Նոր Տարածքներ»:


Կիրակի, 12 մայիս 2013-ին նշուեցաւ Ընկերային հաղորդամիջոցներու 47-րդ համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է` «Ընկերային ցանցեր, ճշմարտութեան եւ հաւատքի դռներ. Աւետարանի քարոզչութեան նոր տարածքներ»: Սրբազան քահանայապետին այս պատգամը լոյս տեսած էր անցեալ 24 յունուար 2013-ին, լրագրողներու պաշտպան Ս. Ֆրանչիսկոս Սալեզացիի տօնին օրը:
Այս առիթով Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերային հաղորդամիջոցներու 47-րդ համաշխարհային օրուան նուիրուած հանդիսաւոր սուրբ պատարագ` գլխաւորութեամբ մարոնի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն մասնակցեցաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Նմանապէս հինգշաբթի, 9 մայիսին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` Հաղորդամիջոցներու կաթողիկէ կեդրոնին մէջ: Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք:
Ընկերային հաղորդամիջոցները, ներառեալ` ընկերային համացանցերը շինիչ երկխօսութեան առիթներ կ՛ընծայեն, ամրապնդելով մարդոց միջեւ միութիւնը եւ յառաջացնելով արդիւնաւէտ ներդաշնակութիւնը մարդկային ընտանիքին մէջ:
Այս առիթով, հայ հաղորդամիջոցները հրաւիրուած են նոր եռանդով եւ միասնակամ զարգացնելու իրենց աշխատելաձեւն ու ներդաշնակ համագործակցութիւնը իրարու միջեւ` լաւապէս իրագործելու հայապահպանման առաքելութիւնը եւ մարդկային արժէքներուն տարածումը








All the contents on this site are copyrighted ©.